2016-05-03 10:13:00

Մարեմեան Խորհրդածութիւն` ՄԱՅԻՍ ԱՄԻՍ


Մայիս ամիս...Սուրբ Կոյսի նուիրուած ամիս...գեղեցկագոյնը՝ չորս եղանակներու. Գարնանային՝ դիւթիչ, հրապուրիչ ամիսը՝ Աստուածամօր եւ մայրերու նուիրուած «Ամիսը» Մայիս...։ Ինքնաբերաբար մեր մտքերը կը վերանան Տիրամօր ու  սրտերը կը ցնծան... Տիեզերքի գեղեցկութիւնը եւ յատկապէս անոր Արարչին Աստուծոյս առջեւ եւ ամբողջ տիեզերքի ստեղծագործութիւնը մարդուն...բնութեան...երկնային արարածներուն՝ եւ մանաւանդ Տիրամօր...Սուրբ Կոյսին... Գլուխ Գործոցը աշխարհիս սքանչելի ստեղծագործութեան մէջ։

Ինչպէս կ՛երգէ մեր Նարեկացին ու գովքը կ՛ընէ Սուրբ Կոյսին՝ կ՛ըսէ.

«Հրեշտակ ի մարդկանէ...մարմնատեսիլ Քերովբէ..

.անխառն իբրեւ զօդ, Մաքուր որպէս լոյս,...Եդեմ շնչական...

Ծառ կենացն անմահից... բոցեղէն սրովն պարունակեալ...

Ի բարձրեալն Հօրէ զօրացեալ եւ հովանացեալ՝ հանգստեամբ Հոգւոյն...Հանդերձեալ եւ մաքրագործեալ... բնակութեամբ Որդւոյն յարդարեալ եւ Տաղաւարեալ...Միածինն Հօր...եւ Քեզ Անդրանիկ Որդի Քո՛ ծննդեամբ...եւ Տէր Արարչութեամբ...»

Աստուածամայրը՝ նաեւ Մայրն է մեր...։ Սէրը՝ Սուրբ Կոյսին  հանդէպ, ջերմեռանդութիւնը՝ Տիրամօր նկատմամբ կարծեմ ամէնքս ալ ընդունեցանք մեր մօր, մեր մայրերու ծունկերուն վրայ։

Հայ Քոյրերուս համար ի՞նչ է մակարդակը ջերմեռանդութեան Սուրբ Կոյսին հանդէպ մեր ունեցած ջերմեռանդութեան...

165 տարիներէ գոյութիւն ունին «Հայ Քոյրերը՝ Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութիւնը։ Այս անունով ճանչցուած ենք Հայ Քոյրերս...

Այս է մեր խորհրդանիշ անունը՝ տիտղոսը...

Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութիւն եւ մեր Հիմնադիր Հայրը՝ Կարդինալ Անտոն Հասուն՝ Միաբանութիւնը այսպէս յորջորջած է. «Սա Տիրամօր Տունն է»։

Ուստի մենք իր հարազատ դուստրները Միաբանութեանս՝ ունինք թանկագին յիշատակ մը, ան է Անարատ Յղացեալ Սուրբ Կոյսին իւղաներկ սրբապատկերը՝ ուր Աստուածամայրը՝ ոտքը օձին գլուխը կը ճզմէ...։

Այս պատկերը թանկագին է մեզի համար որովհետեւ մեր սրբակեաց Հայրը հոգին աւանդած պահուն՝ աչքերը սեւեռած պահած է Սոյն Տիրամօր վրայ։ Եւ ապա մեր բոլոր վանատուներու խորանները ընդհանրապէս գրաւուած են Տիրամօր պատկերներով...ոչ միայն խորանները այլ ընդհանուր բոլոր Քոյրերուս սրտերը։

Պատրաստեց` Մայր Եւտոքսիա Քէշիշեան, Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան Մեծաւոր Մայր։








All the contents on this site are copyrighted ©.